2014-10-07 13:37:45

Ֆրանչիսկոս Պապի 7 հոկտեմբերի քարոզը` ''Աղօթել կը նշանակէ անդրադառնալ մեր պատմութեան''


(Ռ.Վ.- 7 Հոկտեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 7 հոկտեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց, թէ Տէրը մեր մօտ կը գտնուի մեր ուղեւորութեան ընթացքին եւ հրաւիրեց մեր առօրեայ մտահոգութիւններուն հանդերձ չմոռնալու աղօթելէ։
Մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը ուր՝ Սուրբ Պօղոս կը խօսի իր կեանքին մասին՝ առանց ծածկելու իր մեղքերը, Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ ,թէ մեր կեանքին մասին անդրադառնալու սովորութիւնը չունինք, կ՝ապրինք առօրեան, մոռնալով՝ մեր անցեալը ։ Իւրաքանչիւրս իր պատմութիւնը ունի՝ , ՝՝շնորհքի, մեղքի, ուղեւորութեան՝ պատմութիւնը, յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Սուրբ Պօղոս խօսելով իր անցեալին մասին կը յայտնէ, թէ Աստուած է զինքը ընտրողը եւ փրկողը , ինչպէս նաեւ իր ուղեւորութեան ընկերը։ ''Անդրադառնալով մեր կեանքի պատմութեան մասին կը գիտակցինք թէ մեղաւորներ ենք եւ Տէրն է մեզ փրկողը'' հաստատեց Սրբացան Հայրը եզրակացնելով թէ ''այդ ժամանակ կը սկսինք գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ''։
Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը չսկսաւ մեր Մկրտութեան օրէն այլ սկսաւ յաւիտենականութեան մէջ, սկսաւ Աստուծոյ սրտին մէջ. Երբ՝ Ան մեզ ընտրեց – յարեց Նորին Սրբութիւնը ու ապա քարոզը աւարտեց հաստատելով, թէ ''աղօթել կը նշանակէ անդրադառնալ մեր պատմութեան Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ մեր պատմութիւնը Աստուծոյ իւրաքանչիւր անհատի հանդէպ` սիրոյ պատմութիւնն է ։







All the contents on this site are copyrighted ©.